-Պրն. Քալսահակեան, նախ եւ առաջ կը փափաքիմ, որ հակիրճ կերպով դուք ձեզ ներկայացնէք եւ խօսիք ձեր կատարած ուսումնական եւ կազմակերպչական աշխատանքներու մասին: Այս առումով, կրնա՞ք մեզի խօսիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հայերէն լեզուի վիճակին, մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, միաժամանակ ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք դիմագրաւելու համար բոլոր այդ դժուարութիւնները: Արդեօք կա՞ն կառոյցներ, որոնք յատուկ կերպով այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատին:
-Շնորհակալութիւն հարցազրոյցին համար: Ես զբօսաշրջական գիտութիւններ ուսանած եմ Յունաստանի մէջ: Քսան տարիներէ ի վեր կ՚ապրիմ Էմիրութիւններու մէջ, ուր կը գործեմ որպէս կառավարման խորհրդատու:
Փոքր տարիքիս ապրած եմ Յունաստանի, Լիբանանի, Քուէյթի եւ Սուրիոյ մէջ, այսինքն՝ այն երկիրներուն մէջ, ուր հայրս որպէս հայերէն լեզուի ուսուցիչ կը պաշտօնավարէր:
Քուէյթ գտնուած միջոցիս արաբերէն լեզուի ծանօթութիւնս արմատներ նետած է մէջս, որու հետեւանքով յետագային արաբերէնի թարգմանած եմ Անդրանիկ Ծառուկեանի յայտնի՝ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» եւ Վահան Թոթովենցի ոչ-պակաս յայտնի «Կեանքը Հին Հռովմէական ճանապարհին վրայ» երկերը, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցման ծաւալուն գործ մը՝ նախատեսուած արաբ ընթերցողներուն համար:
2003 թուականէն ի վեր կը պահպանեմ «Ազատ-Հայ» անունով տեղեկատուական կայք մը, որ սփիւռքի մակարդակով մինչեւ օրս գործող անհատական հնագոյն նախաձեռնութիւններէն է: Անոր միջոցով կը փորձեմ Միջին Արեւելքի հայութեան վերաբերող նիւթեր տարածել՝ մանաւանդ օտարախօս հասարակութեան շրջանակներուն մէջ:
Նախորդ տարի փափաք ունեցայ աւելի անմիջական կապ ունենալ սփիւռքահայ հանրութեան հետ: Այդ պատճառով ընտրեցի ԵուԹուպի (YouTube) տեսագրական ծառայութիւնը: Մինչեւ օրս 200-է աւելի տեսագրութիւններ ներբեռնած եմ հոն՝ սփիւռքի եւ Հայաստանի զանազան նիւթերու շուրջ: Էջը հաւանաբար իր նմանը չունի արեւմտահայ տեսադարանին մէջ: Բարեբախտաբար, նախորդ տարի բաւական աշխոյժ էր հայկական առումով, նկատի առած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական եւ այլ զարգացումները, պարագայ մը, որ զի՛ս ալ արթուն պահեց ու առիթ ընծայեց կարգ մը զգայուն հարցերու մասին անդրադառնալու:
-Էմիրութիւններու մէջ ապրող հայ երիտասարդութիւնը ինչքանո՞վ միախառնուած է հայկական միջավայրին հետ եւ գործնական գործունէութիւն ունի՞ այս ուղղութեամբ:
-Ես կրթական գործին մօտէն կը հետեւիմ, մանաւանդ որ պատանի տարիքի մէջ եղող մանչ մը ու դուստր մը ունիմ: Էմիրութիւններու մէջ կան երկու միօրեայ վարժարաններ՝ Շարժայի ու Ապու Տապիի մէջ, որոնք կը գործեն շաբաթական քառաժամ դրութեամբ եւ կը փորձեն հայ լեզուն եւ հայութեան վերաբերող գիտելիքները փոխանցել նոր սերունդին: Դժբախտաբար, Էմիրութիւններու աւագ սերունդը, որ յայտնի էր իր նիւթական կարողութիւններով, չկրցաւ բաւարար կամք արտաբերել, Քուէյթի հայ գաղութին նման ամէնօրեայ դպրոց մը ստեղծելու ուղղութեամբ: Այդ կարեւոր պարտականութենէն խուսափելու համար ամէն տեսակի պատճառաբանութիւններ յառաջ քշուեցան: Արդիւնքը եղաւ այն, որ մեր գաղութը դարձաւ կիսով չափ, եթէ ո՛չ աւելի՝ օտարախօս, իսկ պատանիներն ու վաղ երիտասարդները զրկուեցան ազգային-եկեղեցական կեանք մը ապրելու հնարաւորութենէն: Աւելի՛ն, երկար տարիներ միեւնոյն անձերը գրաւելով թեմական ու վարչական պատշտօններ, գաղութը հասցուցին ճահճացումի եզրին: Այժմ, Էմիրութիւններու մէջ կան հազարաւոր հայեր, որոնք չեն առընչուիր հայկական կազմակերպչական կեանքին հետ, քանի որ այդպիսի կեանք գրեթէ գոյութիւն չունի: Առկայ է միմիայն նուազագոյնը՝ նոյնիսկ աւելի պակաս քան այն ինչ որ ժամանակին Սուրիոյ ամենէն աննշան վայրին մէջ գտնուող հայկական բնակավայր մը կը կարողանար իրականացնել որակային իմաստով, հակառակ հոս գտնուող նիւթական բարձր հնարաւորութիւններուն:
Երիտասարդութիւնը դժբախտաբար հնարաւորութիւն չունի հետեւելու հայկական միջավայրին, քանի որ միօրեայ դպրոցէն ետք (որ կ՚աւարտի 15 տարեկան հասակին) այլեւս պատանին հայկական մասնաւոր տեղ մը չունի յաճախելու: Գործող կառոյցներուն մէջ չկան պատանիներուն կամ երիտասարդներուն հետ կապ ունեցող մարմիններ կամ նման հաւաքական գործունէութիւն ունենալու դաշտ: Ակամայ հեռացող այս երիտասարդներէն կը սպասուի, որ ապագային անոնք տէր կանգնին հայկական կառոյցներուն: Ինչպէ՞ս կարելի է նման բան ակնկալել, երբ անոնք այդքան ժամանակ հեռու պիտի մնան հայ իրականութենէն: Տակաւին չենք խօսիր այն ցաւալի պարագային, որ դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող հայ աշակերտութեան հազիւ 20 տոկոսը կը յաճախէ միօրեայ վարժարան:
Կը խորհիմ, թէ Էմիրութիւններու հայ գաղութը կրնայ լաւագոյն օրինակ ծառայել այնպիսի հաւաքականութեան մը, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցած հնարաւորութիւններուն անգիտակից է կամ չի կամենար զանոնք օգտագործել: Այդ, առաջին հերթին, կարելի է վերագրել անհատ ղեկավարներու անձնակեդրոն ու անհեռատես մօտեցումին: Անոնց համար բաւարար եղած է քարեղէն մէկ-երկու կառոյց ստեղծել ու հոն իրենց անունները «յաւերժացնող» ցուցատախտակներ փակցնել: Կառոյցներուն կայունութեան մասին չեն մտածած, ոչ իսկ իրենց միտքին ծայրով անցած է:
Մեր մօտ այնպէս մը եղած է, որ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ամենէն շատ շքանշաններ կուտակած համայնքն ենք (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ասպետներու լրիւ շարք մը ունինք): Իսկ մտաւորական իմաստով, ո՛չ մէկ հետք կարելի է գտնել համայնքին մէջ:
Բարեբախտաբար, Հայաստանը վերջին երկու տասնամեակներուն հետզհետէ մատչելի դարձաւ մեր համայնքի զաւակներուն: Երկար ժամանակ է, որ ունինք ուղղակի թռիչքներ Էմիրութիւններէն Հայաստան, պարագայ մը, որ մեծապէս նպաստած է, որ հայ ընտանիքներ նախընտրեն ամառը անցընել Հայաստանի մէջ: Այսպէս կարելի եղած է մասամբ մը հայ համայնքի զաւակները կապել Հայաստանի հետ:
Կազմակերպչական առումով սակայն գաղութը հոգեվարքի մէջ է, հակառակ որ բեմերէն պարբերաբար ազգային բոցավառ խօսքեր կ՚արտասանուին: Մասնաւոր կառոյց մը չկայ, որ կը հետապնդէ համայնքին առջեւ դրուած լուրջ հարցերը. ինչպիսին են՝ կրթական, մանկավարժական, պատանեկան ու երիտասարդական հարցերը, եւ այլն:
Քանի որ պատկերը շատ ցաւալի է, չկայ այլեւս ոչ մէկ կողմ, որ տրամադիր է ստանձնել իրավիճակի դարմանումին հետ կապուած քայլեր: Այդ պատճառով «ամէն ինչ նորմալ է» կամ «ասկէ լաւ արդէն կարելի չէ» կ՚ըսեն ու կը բաւականանան: Ընդհանրապէս հեշտ է քօղարկել ձախողութիւնները համոզիչ պատճառաբանութիւններով:
Դժբախտաբար վերջին թեմական ընտրութիւնները, որոնք տեղի ունեցան յունուար ամսուան մէջ, մէջտեղ բերին ահաւոր պատկեր մը՝ եօթ հազար հայութիւն ունեցող համայնքէ մը միմիայն 150 մարդիկ ներկայացան քուէարկելու եւ զարմանալի «զուգադիպութեամբ» մը ընտրեցին անձերու նոյն պլոքը: Խնամիական, կուսակցական ու հատուածական ողորմելի հաշիւներուն մէջ ընկղմած այս համայնքը իրականութեան մէջ աւելիին արժանի է, բայց այլեւս կը խորհիմ, թէ աւերը հասած է անդարմանելի չափերու:
-Վերջին տարիներուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ օտարերկրացիներուն հանդէպ վերաբերմունքը աւելի խստացած է եւ մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, տեղւոյն հայերէն շատեր իրենց քայլերը ուղղած են դէպի հայրենիք: Կրնա՞ք մանրամասնութիւններ տալ այս ուղղութեամբ:
-Էմիրութիւններու իշխանութիւնները ո՛չ մէկ խոչընդոտ կը հանդիսանան մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու ու մեր համայնքային կեանքը հետապնդելու առումով: Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներէն մարդիկ եկած ու հաստատուած են հոս: Մեծ համայքները ունին իրենց ամէնօրեայ դպրոցները, ուր իրենց ազգային դպրոցական ծրագիրները կը կիրարկուին: Կան հարիւրէ աւելի եկեղեցիներ երկրի եօթ էմիրութիւններու տարածքին: Բոլոր եկեղեցիներուն հողամասերը ձրիաբար տրամադրուած են տեղական իշխանութիւններուն կողմէ: Ազգային ու եկեղեցական առումով ուրեմն, ո՛չ մէկ սահմանափակում կայ, որքան ատեն որ մարդիկ իրենց համայնքային կառոյցներու սահմաններուն մէջ կը գործեն ու չեն խանգարեր միւսները: Ինչ կը վերաբերի մեր գաղութէն դէպի Հայաստան ներգաղթողներուն, անոնց թիւը սահմանափակ է, բայց կրնայ տարուէ տարի ընդլայնիլ, քանի որ մարդ, վերջ ի վերջոյ, պէտք է Էմիրութիւններէն հեռանայ երբ հանգստեան կոչուելու տարիքին հասնի (բացի եթէ անձնական գործ ունի, այդ պարագային կրնայ աւելի երկար ժամանակ մնալ հոս): Այս առումով հայ անհատներուն առջեւ կան երեք ճանապարհներ ՝ Հայաստան, Միջին Արեւելքի այն գաղութները՝ ուրկէ եկած են, կամ երրորդ ուղղութեամբ արտահոսք դէպի արեւմտեան աշխարհ: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական զարգացում կ՚իրականանայ ու մեր համայնքին զաւակները հայրենադարձ կը դառնան: Մինչ այդ, բոլոր անոնք որոնք նախաձեռնութիւնը ստանձնած են ու քաջութիւնը ունեցած Հայաստան ներգաղթելու, պէտք է արժանանան մեր գնահատանքին: Մեր համայնքը կրնայ ծաւալուն աշխատանքի ձեռնարկել Հայաստանի հնարաւորութիւնները ներկայացնելու թէ՛ հայերուն եւ թէ օտարներուն առջեւ, բայց ձեզի կրնամ վստահեցնել, թէ նոյնիսկ այս սովորական գաղափարն անգամ չի խթաներ մեր ղեկավարները: Անոնք լրիւ այլ աշխարհի մէջ կ՚ապրին:
-Երբ Դուք Ձեզ ներկայացուցիք, այնտեղ նշում կատարեցիք, որ «Ազատ-Հայ» կայքի սեփականատէրն ու գլխաւոր խմբագիրն էք, կրնա՞ք խօսիլ մեզի այդ կայքի տարած գործունէութեան մասին:
-Այդ կայքը մեծ աշխատանք տարաւ հայկական նիւթեր հրամցնելու օտարներուն եւ օտարախօս հայերուն, որոնց թիւը կը շատնայ օրըստօրէ: Դժբախտաբար, կայքը չունեցաւ ոչ մէկ տեսակի նեցուկ հայ իրականութեան մէջ գործող մարմիններէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսը «Մամուլի տարի» հռչակած է այս տարին, բայց ան նոյնիսկ տեղեակ չէ, թէ «Ազատ-Հայ»ի նման ելեկտրոնային մամուլ մը կը գործէ իր թեմերէն մէկուն մէջ, տուն տալով հազարաւոր յօդուածներու եւ նշմարներու: Կը ցաւիմ, որ մենք լոզունգներ հրապարակ նետող ազգ մըն ենք, գոնէ այդպէս էինք մինչեւ վերջերս, այժմ հաւանաբար այդ «ժառանգ»ը սահմանափակուի սփիւռքի մակարդակով:
-Նշած էիք նաեւ, որ վերջին տարիներուն սկսած էք գիրքերու հրատարակութեամբ եւս զբաղիլ՝ գործակցելով «Ամազոն» կայքին հետ, այդ մասին կրնա՞ք յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալ:
-Գիրքերու հրատարակութիւնը զոր կը կատարեմ, սովորական հրատարակչատան գործունէութենէ մը տարբեր է: Գիրքը սովորական ձեւով կը պատրաստուի ու զանիկա կարելի կ՚ըլլայ ներբեռնել «Ամազոն» կայքին վրայ, ուրկէ ընթերցողները կրնան գնել (ելեկտրոնային եւ թղթային տարբերակներով): «Ամազոն»ը կը տպագրէ գիրքը միայն այն ժամանակ, երբ պատուիրատուն վճարում կատարէ: Շնորհիւ այս միջոցին, կարողացայ քսանէ աւելի գիրքեր տպել վերջին տարիներուն, մանաւանդ այնպիսի գիրքեր, որոնց հեղինակները չէին ուզեր կանխիկ վճարումներ կատարել ու ստիպուած ըլլալ գիրքերէն որոշ քանակ մը գնել ու զանոնք պահելու համար տեղ ապահովել կամ ցրուելու աշխատանքներուն մէջ միջամուխ ըլլալ: Յարմար գինով եղած ու նուազագոյն տաղտուկ պատճառող նախաձեռնութիւն մըն է:
-Ի վերջոյ, Յարգելի Տիար Քալսահակեան, ի՞նչ է Ձեր կարծիքը վերջին շրջանին Մայր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու մասին եւ որպէս սփիւռքահայ ինչպէ՞ս կը նայիք այդ փոփոխութիւններուն:
-Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները դրական ակնոցով կը դիտեմ: Վարչապետ Փաշինեանին ու իր գործընկերներուն կատարածը հրաշալի հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ մեր բոլորին առջեւ: Հարկ է ազգովին օգտուիլ պատմական այս պատեհ առիթէն ու տնտեսական յառաջընթաց ապահովել Հայաստանի բնակիչներուն համար: Եթէ այսքան տոկունութիւն ու ազգասիրութիւն ցուցաբերեց հայութիւնը այսօրուան վիճակին մէջ, կրնա՞ք երեւակայել, թէ որքա՜ն բան կրնայ իրականացնել ապագային, երբ արձանագրէ տնտեսական բարօրութիւն:
Մենք ամենէն դժուար տարիներուն յաջողեցանք պահել մեր դիմագիծը եւ այսօր արդէն կրցանք որոշ չափով դուրս վանել մեր դիմագիծը խաթարող բիծերը, կը մնայ որ այս յառաջընթացը հասնի տրամաբանական կէտի մը, որ կը խորհիմ պէտք է բնորոշուի տնտեսական աճով: Գոնէ պէտք է Հայաստան աշխարհի զարգացած երկիրներու առաջին քառասունի կամ նոյնիսկ երեսունի շարքերուն մէջ մտնէ յաջորդող հինգ տասը տարիներու ընթացքին:
Սփիւռքի նախարարութիւնը իր գործունէութեամբ չկրցաւ իրականացնել այն, ինչ որ պէտք էր իրականացնէր: Նախկին իշխանութիւններու ժամանակ ի սկզբանէ յայտնի էր, որ այդ նախարարութիւնը պիտի ծառայէր քաղաքական նպատակներու: Իշխող կուսակցութիւնը եւ անոր կրտսեր գործընկերը, որ սփիւռքի մէջ տիրական ներկայութիւն ունի, միասնաբար այդ կառոյցը օգտագործեցին իրենց նեղ նպատակներուն համար: Քաղաքական իրավիճակը արդէն այլ հնարաւորութիւն չէր ձգած: Հիմա, որ նոր իրավիճակի առջեւ ենք, պէտք է լրիւ թօթափենք անցեալի այս բեռը: Կարելի է ապագային զանիկա այս կամ այն ձեւով վերակազմաւորել ու պահպանել, երբ ճիշդ ձեւով հասկնանք այդպիսի կառոյցի մը դերակատարութիւնը եւ երբ ունենանք յարմար անձեր աշխատելու համար նման կառոյցի մը մէջ: Փոխարէնը, պէտք է սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները, որոնք ունին Հայաստանի մէջ ներկայութիւն, աշխոյժ ձեւով կատարեն այն, ինչ որ կը պահանջէին սփիւռքի նախարարութենէն:
Շարունակությունն այստեղ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019
http://www.jamanak.com/
"Jamanak" Armenian daily had an interview with me (24 January 2019) on several topics in Armenian language.Topics:-…
Gepostet von Hrach Kalsahakian am Samstag, 26. Januar 2019